
Սրտագին Կոչ Սփիւռքահայ Երիտասարդութեան ԶԻՆԵԱԼ պաշտպանութեան - Գէորգ Եազըճեան
› Kevork Yazedjian › Գէորգ Եազըճեան › Ֆեյսբուքում գրում է
ՍՐՏԱԳԻՆ ԿՈՉ ՍՓԻՒՌՔԱՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԵԱՆ
Թշնամին պատերազմի նոր փուլը սկսի հաւանաբար քանի մը շաբաթէն: Հայրենիքը կարիքն ունի նաեւ քո՛ւ ԶԻՆԵԱԼ պաշտպանութեանդ: Ցոյցերով, խնդրագիրներով, պոռալ-գոռալներով եւ նման մուրացկանութեամբ թշնամին չես կրնար կանգնեցնել: Ո՛ՅԺ է պէտք: Մի՛ լսեր քու անկարող ղեկավարներդ, որոնք քեզ կ՛օրօրեն ամուլ քայլերով: Այսօր իսկ մտածէ՛ Հայրենիք գալու եւ անյապաղ ռազմական պատրաստութիւն անցնելու մասին:
ՔԱՅԼԴ Ա՛Ռ: ՀԱՅՐԵՆԻՔԻՆ ՏԷՐԸ ՆԱԵՒ ԴՈ՛ՒՆ ԵՍ ԵՒ ՊԱՐՏԱՒՈՐ ԵՍ ՆԱԵՒ ԴՈ՛ՒՆ ԱՆՈՐ ՏԷՐ ԿԱՆԳՆԵԼՈՒ: ՀԱՅՐԵՆԻՔԻ ԵՂԲԱՅՐԴ ԶՈՀՈՒԻ ԵՒ ԴՈՒՆ ՎԱՅԵԼԵ՞Ս. ԱՏԻԿԱ ՓՈՔՐՈԳՈՒԹԻՒՆ Է, ՍՏՈՐՈՒԹԻՒՆ: ՄԻ՞ԹԷ ԴՈՒՆ ԱՅԴՔԱՆ ՑԱԾՐԱՀՈԳԻ ԵՍ: ԻՐԱՒՈՒՆՔ ՉՈՒՆԻ՛Ս ՍՈՒՏ ԵՒ ԿԵՂԾ ՊԱՏՃԱՌԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՎ ԽՈՅՍ ՏԱԼՈՒ ԱՅՍ ՊԱՐՏԱՒՈՐՈՒԹԵՆԷԴ:
ԱՐԹՆՑԻ՛Ր ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴ: ՇԱՐԺԻ՛Ր: ՎԱՂԸ ՇԱՏ ՈՒՇ ԿՐՆԱՅ ԸԼԼԱԼ